Վայրը
Զարմանազան 2027-ը տեղի պիտի ունենայ «Sainte-Croix des Neiges» գիշերօթիկ վարժարանին օթեւանը՝ Ֆրանսայի Ապոնտանս (Abondance) գիւղաշրջանին մէջ։ Ապոնտանսի ձորը (Vallée de l’Abondance) կը գտնուի Զուիցերիոյ սահմանին մօտ։ Օդանաւով ժամանող մասնակիցները պիտի հանդիպին Զուիցերիոյ Ժընեւի օդակայանը։
Գիշերօթիկ վարժարանը մեծ խումբեր ընդունելու լաւագոյն պայմանները ունի։